Bible

Power Up

Your Services with User-Friendly Software

Try RisenMedia.io Today!

Click Here

2 Timothy 4

:
Armenian - 2019
1 Ուստի, հետեւեալ պատուէրըկու տամ քեզի՝Աստուծոյ եւ Յիսուս Քրիստոսի ներկայութեան, որ ողջերն ու մեռածները պիտի դատէ իր յայտնութեան օրը, երբ իր թագաւորութեամբը գայ.–
2 Աստուծոյ խօսքը քարոզէ եւ զայն յայտարարէ ամէն առիթով, առանց պատեհութիւնը կամ անպատեհութիւնը խորհելու, սխալները ուղղէ, եւ սաստէ կամ յորդորէ՝ մեծ համբերատարութեամբ ուսուցանելով։
3 Որովհետեւ ժամանակ պիտի գայ, երբ մարդիկ ականջ պիտի չկախեն առողջ վարդապետութեան, այլ՝ իրենց սեփական ցանկութիւններուն համապատասխանող եւ զիրենք հաճոյացնող բաներու մասին խօսող ուսուցիչներ պիտի փնտռեն։
4 Պիտի չուզեն ճշմարտութիւնը լսել, եւ առասպելներու ականջ տալով պիտի կորսուին։
5 Բայց դուն միշտ արթուն եղիր, նեղութիւններու համբերէ, աւետարանիչի քու գործդ ըրէ եւ ծառայութիւնդ իր աւարտին հասցուր։
6 Որովհետեւ ես արդէն իսկ կեանքս իբրեւ զոհ Աստուծոյ նուիրած եմ եւ այս աշխարհէն մեկնումիս ժամանակն ալ մօտեցած է։
7 Բարի պատերազմը մղեցի, կեանքիս ընթացքը աւարտեցի, հաւատքը պահեցի։
8 Ասկէ ետք ինծի կը մնայ միայն սպասել արդարութեան պսակին, որ Տէրը, արդար Դատաւորը, իբրեւ հատուցում՝ ինծի պիտի տայ դատաստանի օրը։ Եւ պիտի տայո՛չ միայն ինծի, այլ նաեւ բոլոր անոնց՝ որոնք սիրով կը սպասեն Տիրոջ յայտնուելուն ։
9 Ջանա՛ շուտով քովս գալ,
10 որովհետեւ Դեմասը այս աշխարհը նախընտրելով՝ զիս լքեց եւ Թեսաղոնիկէ գնաց։ Կրեսկէսը Գաղատիա գնաց, Տիտոսը՝ Դալմատիա։
11 Միայն Ղուկասը կայ քովս։ Մարկոսը ա՛ռ հետդ բեր, որովհետեւ ինծի օգտակար է Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։
12 Տիքիկոսը Եփեսոս ղրկեցի։
13 Երբ գաս՝ հետդ բեր այն վերարկուն, որ Տրովադա ձգեցի, Կարպոսին քով։ Հետդ բեր նաեւ գիրքերս, մանաւանդ մագաղաթները։
14 Դպրբին Ալեքսպնդրոսը շպտ չարիք հասցուցինծի. թող Տէրը իր գործերուն համաձայն հատուցանէ իրեն։
15 Զգուշացի՛ր իրմէ, որովհետեւ կատաղի կերպով դէմ կեցաւ մեր քարոզութեան։
16 Առաջին դատավարութեանս ոեւէ մէկը թիկունք չկանգնեցաւ ինծի. բոլորն ալ զիս լքեցին։ Աստուած թող իրենց մեղք չհամարէ ատիկա։
17 Բայց Տէրը օգնեց ինծի եւ զօրացուց զիս, որպէսզի ինձմով իր խօսքին քարոզութիւնը կատարուի եւ բոլոր հեթանոսները լսեն զայն։ Աստուած զիս ազատեց ստոյգ մահուընէ,
18 եւ ամէն չարիքէ պիտի ազատէ եւ պիտի փրկէ զիս, իր երկնաւոր արքայութիւնը հասցնելով։ Փա՜ռք իրեն, յաւիտեանս յաւիտենից։ Ամէն ։
19 Բարեւներս տուր Պրիսկային եւ Ակիլասին, եւ Ոնեսիֆորոսի ընտանիքին։
20 Երաստոսը Կորնթոս մնաց, իսկ Տրոֆիմոսը Միլետոս ձգեցի, հիւանդ վիճակի մէջ։
21 Ջանա՛ձմեռը վրայ չհասած գալ։ Քեզի բարեւ ունին Եւբուլոսը, Պուդէսը, Լինոսը եւ Կլաւդիան, ինչպէս նաեւ բոլոր քրիստոնեայ եղբայրները։
22 Տէր Յիսուս Քրիստոս քու հետդ ըլլայ։ Աստուծոյ շնորհքը հետդ ըլլայ։